May 6th 2023 archive

Արամի փողոց

Փողոցը բացուած է 1837 թուականին եւ կոչուած՝ Ցարսկայա փողոց՝ ի պատիւ Նիկոլայ I ցարի, որ այդ ժամանակաշրջանին կ’այցելէ Երեւան։ 1919 թուականին, Առաջին հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Արամ Մանուկեանի մահէն յետոյ փողոցը կը վերանուանուի անոր անունով։ Հայաստանի մէջ Խորհրդային կարգերու հաստատումէն յետոյ կոմունիստները փողոցը 1921 թուականին վերանուանած են Սուրէն Սպանդարեանի անունով։ 1991 թուականին, Հայաստանի անկախացումէն յետոյ, փողոցը պաշտօնապէս կոչուեցաւ Արամի փողոց։

1917-1919 թ. Արամ Մանուկեանն ապրած է Արամի փողոցի 9 հասցէի մէջ տեղակայուած շէնքի մէջ։ Շէնքը կը պատկանի Ֆատէյ Քալանթարեանին, կառուցուած է 1910 թուականին, ճարտարապետ Պորիս Մեհրապեանի կողմէ։

2005 թուականէն շէնքի վերակառուցումը ներառուած է Երեւանի քաղաքապետարանի «Հին Երեւան» ծրագրին մէջ, որու հեղինակը ճարտարապետ Լեւոն Վարդանեանն է։